2012-11-16 10:56:07

Ծովագնացներու Առաքելութեան Համաշխարհային 23-րդ Համագումարը` ''Ձկնորսներն ու Ծովահէնը'' Նիւթին Մասին


19-23 նոյեմբեր Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ ծովու առաքելութեան համաշխարհային գիտաժողովը, որուն ընթացքին մասնաւորապէս պիտի շօշափուի ծովահէնութեան հարցը, ծովայիններու ու ձկնորսներու կեանքի պայմաններն ու աշխատանքը եւ շուրջ 36 միլիոն ձկնորսներու կեանքի դժուար պայմանները։
71 պետութիւններէ եկած ծովու առաքելութեան քահանայապետական խորհուրդի մէջ աշխատող աւելի քան 400 հոգիներ պիտի ուսումանիրեն ծովագնացներու դիմագրաւած կարգ մը հարցերը։
Եկեղեցւոյ մտահոգութիւններէն մէկն է ձկնորսներու ու անոնց պարագաներու ապրելակերպի պայմանները։ Համագումարը ապա պիտի շօշափէ ծովու մատրանապետերու վարած կեանքը ու պիտի քննարկէ անոնց ապրած փորձառութիւնը։
Գիտաժողովին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ծովու առաքելութեան մասնակցող ժողովականերուն։
Նշենք որ ովու առաքելութիւնը սկիզբ առաւ 20-րդ դարու սկիզբը Սկովտիայի մէջ։ Ներկայիս ծովու առաքելութիւնը ունի շուրջ 110 կեդոններ ճանչուած որպէս ''Ծովու Աստղ'', որոնք օգնութեան կը հասնին ամէն ազգի ու կրօնի պատկանող ծովագնացներուն ու ձկնորսներուն։ Ծովու առաքելութիւնը իր առաջին գիտաժողովը գումարած է 1927-ին ֆրանսայի Նորմանտիա մարզին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.